«Արեւելք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան
- Հայր Սուրբ, ինչպիսի՞ն է Պատրիարքարանի արձագանգը Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն կապակցութեամբ, որեւէ յայտարարութիւն եղա՞ւ, կամ սպասելի՞ է որ ըլլայ:
Այս վերջին դէպքերուն հետ կապուած, Պատրիարքութեան կողմէ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած, ոչ ալ որեւէ հաղորդագրութիւն տպուած է: Չեմ կարծեր, որ որեւէ յայտարարութիւն ընէ Պատրիարքութիւնը այս ուղղութեամբ:
- Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք ընդհանուր իրավիճակը, ձեր կարծիքով, արդեօք հրադադարը շուտով կը հաստատուի՞ կամ դեռ երկար կը ռազմական գործողութիւնները:
Այս պահուն իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ: Կազայի հատուածէն կը հրթիռակոծեն իսրայէլական բնակավայրերը, որուն ի պատասխան Իսրայէլը օդային հարուածներ կը հասցնէ Կազային: Երկու կողմերէն ալ զոհեր կան: Յոյս կայ, որ Ֆիթրի տօնէն վերջ կողմերը կը հանդարտին: Թէեւ խօսակցութիւններ ալ կան, որ Իսրայէլ կրնայ մեծցնել պատերազմի տարողութիւնը։
- Արդեօք որեւէ կերպ վտանգնուած է Երուսաղէմի հայկական համայնքը։
Այս պահուն, դէպքերը Հայոց թաղէն հեռու են եւ անմիջական վտանգ չկայ մեր համայնքին, սակայն եթէ լարուածութիւնը աճի եւ ծաւալուի, ան կրնայ վտանգ դառնալ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար:
- Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ հայկական շրջանակներուն մօտ, մտավախութիւններ կա՞ն, վախ կա՞յ, կամ կը կարծեն, որ շուտով պիտի դադրի այս պատերազմը:
Հայ համայնքի մօտ վախ կամ խուճապ չկայ, բայց անշուշտ որ բոլորը մտահոգ են ստեղծուած իրավիճակով եւ կը յուսան, որ շուտով լուծում կը գտնուի, եւ վերջ կը տրուի այս պատերազմին:
- Որպէս կրօնական գործիչ, բնականաբար կը խուսափիք քաղաքական գնահատականներ տալէ, բայց ձեր կարծիքով ի վերջոյ ինչպէս պիտի լուծուի պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութիւնը:
Առ հասարակ Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բանակցութեամբ, ԱՄՆ-ի կողմէ առաջարկուած «Երկու ազգ, երկու պետութիւն» բանաձեւի շրջանակէն ներս: Ի դէպ այս բանաձեւը ընդունած է թէ՛ պաղեստինեան եւ թէ՛ իսրայէլեան կողմէն: Կը մնայ բուռն բանակցութիւններ վարել եւ լուծում գտնել:
Միջազգային հանրութենէն կ'ակնկալուի, որ միջնորդեն եւ կողմերը հնարաւորինս արագ ստորագրեն հրադադարի համաձայնագիր, որպէսզի այս բախումները համընդհանուր չվերածուին պատերազմի: