image

T-4 օդակայանի թիրախաւորումը. Պատճառներ եւ հետեւութիւններ. «Stratfor»

T-4  օդակայանի թիրախաւորումը. Պատճառներ եւ հետեւութիւններ. «Stratfor»

Ամերիկեան հետախուզական «Stratfor» կայքը հաւանական գտած է  T-4 ռազմական օդակայանի հրթիռակոծման ետին Իսրայէլի կանգած ըլլալը, որուն հետեւանքով  զոհուած  են 14 զինուորականներ ( անոնց մէջ   կային  նաեւ   չորս իրանցիներ) :

 

Իր բացատրութեան մէջ կայքը կը մեղադրէ Իսրայէլը «Քրուզ» տիպի հրթիռներ օգտագործելու մէջ:  Աղբիւրը  նաեւ կը յայտնէ, որ Իսրայէլի առջեւ «Հըզպալլա»ն հարուածելու կամ այլ ռազմավարական նպատակներ իրագործելու առիթները սահմանափակ են:

Կայքը նշած է, որ 7 ապրիլի Տումայի վրայ եղած քիմիական յարձակումի դէմ Սուրիական ռեժիմին ուղղուած ուժեղ եւ ընդլայնուած դատապարտումը Իսրայէլին թոյլ տուաւ հարուածել  T-4-ի  օդակայանը:

 

Աւարտին, կայքը 2018-ի երկրորդ քառորդին մասին իր կախատեսումները հրապարակելով կը զգուշացնէ սուրիական բանակի եւ անոր դաշնակիցներու եւ միւս կողմէն Իսրայէլի միջեւ տեղի ունենալիք հնարաւոր բախումէն եւ Թէլ Աւիւի «Հըզպալլա»ն հարուածելու ուղղուածութենէն, կանխելու համար իրանեան զինուած ուժերու դիրքաւորումը Կոլանի մօտ: