ՀԱՆՔԱՒԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ -Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Կրթական Խորհուրդի հսկողութեամբ եւ Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի անմիջական ու հետեւողական հոգածութեամբ, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտները վստահ քայլերով կը շարունակեն իրենց ընթացքը գիտութեան, նորարարութեան եւ ստեղծագործ մտածողութեան ուղիով։
AMAA Armenia-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն) եւ FAST հիմնադրամի համագործակցութեամբ, Հայաստանի Հանքաւան շրջանին մէջ կազմակերպուած «AI Camp 2026» ճամբարը բացառիկ հնարաւորութիւն մը ընձեռած է մասնակիցներուն՝ ծանօթանալու արհեստական բանականութեան (AI) նորագոյն զարգացումներուն, ձեռք բերելու գործնական գիտելիքներ եւ զարգացնելու ապագայի համար անհրաժեշտ հմտութիւններ։ Ճամբարը, որ ունի տարիքային բաժանումներ, համախմբած է աւելի քան 460 մասնակից՝ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն։

Մրցանակային մասնակցութիւն
Սոյն նախաձեռնութեան մասնակցելու իրաւունքը շնորհուեցաւ Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի հինգ աշակերտներու, որոնք դպրոցէն ներս կազմակերպուած գիտական նիւթերու մրցոյթին արձանագրած էին բարձրագոյն արդիւնքներ՝ արժանանալով այս բացառիկ փորձառութեան։
Ճամբարի ծրագիրը, արհեստական բանականութեան կողքին, կը ներառէ նաեւ ձեռնարկատիրական մտածողութեան, «տիզայն» մտածողութեան (Design Thinking) եւ տնտեսական գրագիտութեան ուղղուած մասնագիտական աշխատարաններ (workshops)։ Ասոնք կ՚օժանդակեն աշակերտներուն՝ իրենց տեսական գաղափարները վերածելու գործնական եւ նորարար նախագիծերու։
Բեթէլի պատուիրակութիւնը
Վարժարանը ճամբարին կը ներկայացնեն հետեւեալ աշակերտները․
Ռիթա Գալուստեան-7-րդ դասարան (17-21 Յունիս)
Յակոբ Պոյաճեան -10-րդ դասարան (21-24 Յունիս)
Աւետիս Չիլաբոշեան -10-րդ դասարան (21-24 Յունիս)
Ալին Ուարթօ -11-րդ դասարան (21-24 Յունիս)
Ժան Արմենակ -11-րդ դասարան (21-24 Յունիս)
Համայնքի պետին յորդորն ու մաղթանքը
Այս առթիւ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան այցելեց վարժարանի կեդրոնատեղին, մօտէն հաղորդակից դարձաւ պատրաստութիւններուն եւ իր օրհնութիւնն ու մաղթանքները փոխանցեց աշակերտներուն։ Ան յորդորեց տղաքը շարունակելու իրենց փայլքը գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան բնագաւառներուն մէջ՝ պատիւ բերելով իրենց վարժարանին, համայնքին եւ հայրենիքին։
