image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը անկարող է Ասատը տապալել. Ամերիկացի հետախոյզ

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը անկարող է Ասատը տապալել. Ամերիկացի հետախոյզ

Ամերիկեան Հետախուզական ազգային ծառայութեան պետ Դանիէլ Քոթս կարծիք յայտնած է, թէ Սուրիոյ ընդդիմութիւնն այլեւս ի զօրու չէ տապալել նախագահ Ասատը, սակայն տակաւին կարող է յառաջիկայ տարուան ընթացքին շարունակել Սուրիոյ մէջ ընթացող պայքարը: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար»ը:

Քոթսի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան եօթ տարիներ շարունակ ընթացող պայքարը այլեւս ի զօրու չէ նախագահ Ասատը տապալել, կամ կառավարական ուժերուն ու իրենց միջեւ եղած ռազմական անհաւասարութիւնը կրճատել, սակայն հաւանական է, որ անոնք պահպանեն իրենց ներուժը, 2018 թուականին իրենց պայքարը շարունակելու համար: