«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» խորհուրդը արձագանգելով ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեան, ընդգծած է, որ երկիրը կանգնած է ազգային աղէտի շեմին, կը խորանայ անվտանգային, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական համակարգային ճգնաժամ, եւ յայտնի են ատոր պատճառներն ու պատասխանատուները:
Գիտակցելով խորացող ճգնաժամի յաղթահարման հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ կը յայտնենք նշուած ձեւաչափով եւ մեր առաջարկած օրակարգով քաղաքական խորհրդակցութիւններ կայացնելու մեր պատրաստակամութիւնը: