Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ Ալ Քարիմ Ալի օրերս նախարար Ճուպրան Պասիլին յանձնած է Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի նամակը, ուր վերջինս ի պատասխան Պասիլի հարցադրման նշած է, որ թիւ 10 օրէնքը սուրիացիներու իրաւունքերը չի խլեր:
Մուալլէմի ամակին մէջ նշուած է, որ թիւ 10 օրէնքը պիտի վերանայուի Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ, այնտեղ նշուած ժամկէտները մէկ ամիսի փոխարէն 6 ամիս դարձնելու նպատակով:
«Ալ Ախպար» թերթին հաղորդմամբ, յետ այսու թիւ 10 օրէնքին վերաբերող լիազօրագիրներուն համար անվտանգութեան մարմիններու համաձայնութիւնը պարտադիր պիտի չհամարուի: Այլ խօսքով, բոլոր սուրիացիներուն, անգամ հետախուզութեան մէջ գտնուողներուն, առիթ պիտի տրուի իրենց ազգականներուն կամ փաստաբաններուն լիազօրել, իրենց շահերը պաշտպանելու եւ ունեցուածքը տնօրինելու համար: