image

Սուրիոյ բանակը կը զգուշացնէ Արեւելեան Հալէպի զինեալները

Սուրիոյ բանակը կը զգուշացնէ Արեւելեան Հալէպի զինեալները

(Reuters-Պէյրութ) -Սուրիոյ բանակը յայտարարծ է, թէ որեւէ անձ որ պիտի մնայ Հալէպի մէջ եւ պիտի չօգտագործէ զէնքը գետին դնելու եւ հեռանալու տրուած առիթը, պիտի արժանանայ իր   «անխուսափելի ճակատագիրին»: Այ ս մասին կը հաղորդէ Ռոյթըրզ:

Չորեքշաբթի  Սուրիական բանակի հրամանատարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած էր, որ ինք յստակ կերպով գիտէ Արեւելեան Հալեպի մէջ զինեալ ահաբեկիչներու բոլոր թաքստոցներու ճշգրիտ տեղերը եւ  կոչ ըրած է անոնց  զէնքերը յանձնել եւ հեռանալ:

Բանակը նաեւ աւելի շուտ յայտարարծ էր Արեւելեան Հալէպի վրայ իր օդային հարուածները թեթեւցնելու մասին՝ մարդասիրական նպատակներով, առիթ տալու խաղաղ բնակիչներուն հեռանալ այդ վայրերէն, դէպի աւելի ապահով շրջաններ: