image

Սուրիոյ բանակը գործի դրաւ Sam -5 S-200 հրթիռային համակարգը

Սուրիոյ բանակը   գործի  դրաւ    Sam -5 S-200    հրթիռային համակարգը

Անցնող  օրերուն լրատութիւն  կատարած էինք  Սուրիոյ «Ալ Քոնայթրա»  շրջանին վերեւ խոցուած  երկու  իսրայէլեան  օդանաւերու մասին, որոնցմէ մին  անօդաչու էր: Սուրիոյ   իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող  աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակին  կատարած  այս քայլը աննախընթաց էր, ու այդ գործողութիւնը  իրականացուած է ռուսական գերարդիական  Sam -5 S-200   հրթիռներով:  Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Sam -5 S-200  հրթիռային համակարգը կը  բաղկանայ վեց հրթիռային  խոռոչներէ ու  հրթիռներու    հասնաելիութիւնն է մինչեւ 300  քմ:  Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ  այդ հրթիռները    կարողութիւն ունին «պալիսթային»  հրթիռներ դառնալու եւ  կրնան նոյնիսկ  կրել  կորիզային գլուխներ:  Ըստ  նոյն աղբիւրին, Sam -5 S-200 հրթիռները  կրնան    իրենց արձակուած  շրջանին մէջ  գործող  բոլոր վերահսկման համակարգերը  (Րատար)   ոչնչացնել  եւ հրթիռներու արձակման պահուն անոնց կշիռքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 7 հազար  թոնի: Յիշեցնենք, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան կողմը չէ յստակացուցած  երկու օդանաւերուն  ճակատագիրը մինչ արաբական  տասնեակ  աղբիւրներ կը հաստատեն, որ   օդանաւերը վար առնուած են: