Անցնող օրերուն լրատութիւն կատարած էինք Սուրիոյ «Ալ Քոնայթրա» շրջանին վերեւ խոցուած երկու իսրայէլեան օդանաւերու մասին, որոնցմէ մին անօդաչու էր: Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակին կատարած այս քայլը աննախընթաց էր, ու այդ գործողութիւնը իրականացուած է ռուսական գերարդիական Sam -5 S-200 հրթիռներով: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Sam -5 S-200 հրթիռային համակարգը կը բաղկանայ վեց հրթիռային խոռոչներէ ու հրթիռներու հասնաելիութիւնն է մինչեւ 300 քմ: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ այդ հրթիռները կարողութիւն ունին «պալիսթային» հրթիռներ դառնալու եւ կրնան նոյնիսկ կրել կորիզային գլուխներ: Ըստ նոյն աղբիւրին, Sam -5 S-200 հրթիռները կրնան իրենց արձակուած շրջանին մէջ գործող բոլոր վերահսկման համակարգերը (Րատար) ոչնչացնել եւ հրթիռներու արձակման պահուն անոնց կշիռքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 7 հազար թոնի: Յիշեցնենք, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան կողմը չէ յստակացուցած երկու օդանաւերուն ճակատագիրը մինչ արաբական տասնեակ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ օդանաւերը վար առնուած են: