«Շարք Աուսաթ» թերթը «Սուրիական ռեժիմի թիրախներու ցուցակը եռեակ դաշինքի սեղանին» խորագրի ներքոյ գրած է, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ երէկ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու մասին որոշում պիտի ընդունի մի քանի ժամերու ընթացքին: Այդ գործողութիւնները պիտի իրականացուին Տումայի վրայ «քիմիական յարձակման» հակադարձելու Ուաշինկթընի որոշման ծիրէն ներս: Այս յայտարարութիւնը համընկնած էր Սուրիական բանակի դիրքերը թիրախաւորելու՝ «թիրխներու պանք»ի Թրմաբի ձեռքը յայտնուելուն:
ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդը նախօրէին ժողով մը գումարած է Ճոն Պոլթընի նախագահութեամբ, ուր ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս ըսած է. «Մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ համագործակցութեամբ պիտի լուծենք այս հարցը», աւելցնելով, որ «ներկայիս ոչ մէկ լուծում բացառուած է»: Այդ ընթացքին լուրեր հաղորդուեցան ամերիկեան USS Donald Cook կործանիչի Միջերկրական ծովու վրայ յայտնուելու մասին:
Թրմաբ հարցի լուծման ռազմական եւ դիւանագիտական տարբերակները քննարկելու ժողովէն առաջ յայտարարած է, որ «մենք իրավիճակը ճշգրտութեամբ պիտի ուսումնասիրենք, նաեւ պիտի հանդիպինք մենք բանակի ղեկավարներու եւ բոլորին հետ, այնուհետեւ 24-էն 48 ժամերու ընթացքին մեր որոշումը պիտի կայացնենք»: