image

Սուրիահայերու Համար Բնակելի Շէնք Երեւանի Մէջ. Մէտիամաքս

Սուրիահայերու Համար Բնակելի Շէնք  Երեւանի Մէջ. Մէտիամաքս

Երեւանի Դաւիթաշէն համայնքի 4-րդ թաղամասին մէջ սուրիահայերու համար շէնք մը կառուցուած է: Երկու հատ ալ կառուցման փուլի մէջ է:

 

Նախաձեռնութեան հեղինակը 2012-ին Սուրիայէն Հայաստան գաղթած Հրայր Ակիլեանն է: Նախաձեռնութան գաղափարի իրականացումը համաձայնած է ստանձնելու «Եռանաւ» ՍՊ ընկերութիւնը:

 Հրայր Ակիլեանը «Մետիամաքս»-ին պատմած է, որ եղած է Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման համար ստեղծուած յանձնաժողովի կազմին մէջ: Երբ հասկցած են, որ այդ ծրագրի իրականացումը չի յաջողիր, ան որոշած է սուրիահայերու համար մատչելի գիներով բնակարաններ կառուցելու առաջարկով դիմել տարբեր շինարարական կազմակերպութիւններու եւ հովանաւորներու:

 «Շատ կարեւոր է, որ սուրիահայերը հայրենիքի մէջ իրենց բնակարանները ունենան, եւ չերթան այլ երկիրներ»,- ըսած է Հրայր Ակիլեանը:Շէնքի կառուցման աշխատանքները մեկնարկած են 2014-ի Փետրուարին: Այժմ կը մնան ներքին յարդարման աշխատանքները, իսկ բնակարանամուտը կը նախատեսուի 2016-ի Յունուարին կամ Փետրուարին:

 «Իմ բնակարանս` հայրենիքիս մէջ» ծրագիրով կառուցուած շէնքի 16 յարկերէն 14-ի մէջ բնակարաններ են, որոնք արդէն ունին սեփականատէրեր, իսկ 2 յարկի մէջ` գործարարութեան համար նախատեսուած տարածքներ: Այս շէնքին մէջ բնակարանի 1 քմ. վաճառուած է $ 550-ին համարժէք ՀՀ դրամով: Հրայր Ակիլեանը վստահեցուցած է, որ շահառուներուն որակեալ բնակարաններ յանձնած են: «Բնակարաններն ու խանութներն ունին իրենց տէրերը: Երբ  կառուցուած շէնքի բոլոր բնակարանները վաճառուեցան, շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութիւնը որոշեց հարեւանութեամբ տարածք ձեռք բերել ու կառուցել եւս 2 շէնք: Անոնց արդէն 3 յարկը կառուցուած է: Այս 2 շէնքերուն մէջ 164 բնակարան կայ (11-ն արդէն վաճառուած են), ստորգետնեայ կայանատեղի եւ բիզնեսի համար նախատեսուած տարածքներ պիտի ըլլան»,- փոխանցած է Հրայր Ակիլեանը:Ան աւելցուցած է, որ շէնքերուն մէջ բնակարանի 1 քմ. կ՛արժէ $ 650-ին համարժէք ՀՀ դրամ` նկատելով, որ այդ տարածքին մէջ բնակարանները կը վաճառուին 1 քմ.-ը $ 850-ով: