image
Հրատապ լուրեր:

Սուլայմանիի խնդրով Փենթակոնի առաջին արձագանգը

Սուլայմանիի խնդրով Փենթակոնի առաջին արձագանգը

Փենթակոնը յայտնած է, որ ԱՄՆ զինուած ուժերը Պաղտատի մէջ գործողութիւն իրականացուցած են Իրանի իսլամական յեղափոխութեան փաղանգի «Ալ-Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, զօրավար Քասէմ Սուլայմանի դէմ եւ յաջողած են սպաննել զինք։ Այս մասին կը յայտնէ RIA Novosti-ն։

Փենթակոնը յայտարարած է, որ վճռական պաշտպանական գործողութիւնները իրականացուած են ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կարգադրութեամբ՝ արտերկրի մէջ ամերիկեան անձնակազմի պաշտպանութեան նպատակով։ Կը նշուի, որ գործողութիւնը կատարուած է՝ Իրանի կողմէ յետագայ յարձակումները կանխելու նպատակով։ Ուաշինկթընը պիտի շարունակէ պաշտպանել իր շահերը տարածաշրջանին մէջ՝ անոր համար ձեռնարկելով բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները։

«ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներու դէմ ձեռնարկուած պաշտպանական գոծողութիւնները կը համապատասխանեն յստակ նախազգուշացումներուն, որոնք անոնք ստացած են»,-իր թուիթըրեան էջին գրած է հանրապետական ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոն։