Դեկտեմբերի 16-էն 22-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2000 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնական ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: