image

Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը ծաղկեպսակ դրած են Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն

Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը ծաղկեպսակ դրած են Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն

Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման եւ Պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրուայ կապակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հրապարակին մէջ զօրահանդէս մեկնարկած է, որուն ներկայ գտնուած են ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ ԱՀ նախկին եւ ներկայ նախագահները՝ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, որմէ ետք անոնք մասնակցած են Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակէն սկսած քայլերթին:

Անոնք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քայլերթով շարժած են դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Ծաղկեպսակներ տեղադրած են Մեծ Հայրենականի ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն, որուն յաջորդած է հանդիսաւոր երթը: