image

ՍԴՀԿ Պատուիրակութիւն մը Սաատ Հարիրիին այցելեց

ՍԴՀԿ   Պատուիրակութիւն մը    Սաատ Հարիրիին  այցելեց

Սոցիալ  Դէմոկրատ  Հնչակեան    Կուսակցութիւնը ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը երէկ  այցելութիւն տուած է Լիբանանի  նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, վերջինիս «կեդրոնական  տուն» նստավայրին մէջ: Պատուիրակութեան մաս  կազմած է   ՍԴՀԿ  կեդրոնական վարչութեան  փոխ ատենապետ   երեսփոխան  Սեպուհ Գալփաքեան,  ՍԴՀԿ   Լիբանանի    վարիչ մարմնի ատենապետ  Կիրակոս Թիւթիւնճեան եւ փոխ ատենապետ Տօքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով կողմերը քննարկած  են   նախագահական    ընտրութիւններու  օրակարգը եւ    երկրին մէջ     կենսալորտային տագնապի վերածուած աղբահանութեան խնդիրը:  Յիշեցնենք, որ երսփոխան  Սեպուհ Գալփաքեան   անդամ  է    Հարիրիի նախագահած «Ալ Մուսթաքպալ»      պլոքին: