Այսօր առաւօտ Գամիշլիի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ապահովական ժողովի աւարտին Հասաքէի մէջ հակամարտող կողմերը յայտարարած են կրակի դադրեցման մասին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ, նոյնպէս կը հաստատան, որ սոյն ժողովին մասնակցութիւն բերած Սուրիոյ Հըմէմին օդակայանէն Գամիշլի ժամանած են ռուս բարձրաստիճան սպաներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հաստատուած հրադադարին պիտի հսկէ ռուս եւ իրանցի պաշտօնատարներէ բաղկացած զինուորական մարմին մը: Յիշեցնենք, որ անցնող ժամերուն Հասաքէն դարձած էր թէժ մարտերու թատերաբեմ: Զոհերուն թիւը հատած էր 20-ը եւ զոհուածներուն մէջ կային բազմաթիւ անչափահաս երեխաներ: Շաբաթ գիշեր ծանր մարտեր եղած էին «Հայ Ալ Նաշուա» շրջանին մէջ: Իր կարգին AFP լրատուական գործակալութեան համաձայն, քրտական ջոկատները յաջողած էին կարեւոր յառաջխաղացք գրանցել մասնաւորապէս «Հայ Ալ Զուհուր» թաղամասին մէջ:
Մինչ տարբեր վերլուծաբաններ մտահոգութիւն կը յայտնէին, որ Հասաքէի մէջ սկիզբ առած մարտերը կրնան տարածուիլ՝ հասնելով մինչեւ Գամիշլի, ռուս պատասխանատուներու միջամտութիւնը կը մարէր տարածուելու հաւանականութիւն ունեցող արաբ- քրտական բաւական վտանգաւոր հրդեհը:
Յառաջիկայ օրերուն աւելի պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչքանով ազդու է ռուսական այս միջամտութիւնը, տրուած ըլլալով, որ Սպիտակ Տան համար եւս Հասաքէի եւ շրջանի քիւրտերը դարձած են կարեւոր եւ վսստահելի գործընկեր: