image

Ռուսները միջամտեցին Հասաքէի մէջ

Ռուսները միջամտեցին Հասաքէի  մէջ

Այսօր առաւօտ Գամիշլիի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ապահովական ժողովի աւարտին Հասաքէի մէջ հակամարտող կողմերը յայտարարած են   կրակի դադրեցման  մասին: Այս մասին լուր  փոխանցող  աղբիւրներ, նոյնպէս  կը հաստատան, որ սոյն ժողովին մասնակցութիւն բերած Սուրիոյ Հըմէմին  օդակայանէն Գամիշլի ժամանած են ռուս բարձրաստիճան սպաներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հաստատուած հրադադարին  պիտի հսկէ  ռուս եւ իրանցի պաշտօնատարներէ բաղկացած զինուորական մարմին մը: Յիշեցնենք, որ անցնող ժամերուն Հասաքէն դարձած էր թէժ մարտերու թատերաբեմ: Զոհերուն թիւը հատած էր 20-ը եւ զոհուածներուն մէջ կային բազմաթիւ անչափահաս երեխաներ: Շաբաթ գիշեր ծանր մարտեր եղած էին  «Հայ  Ալ Նաշուա» շրջանին մէջ: Իր կարգին  AFP  լրատուական գործակալութեան համաձայն, քրտական ջոկատները յաջողած էին կարեւոր յառաջխաղացք գրանցել մասնաւորապէս «Հայ Ալ  Զուհուր» թաղամասին մէջ:

Մինչ  տարբեր վերլուծաբաններ մտահոգութիւն կը յայտնէին,  որ Հասաքէի մէջ սկիզբ  առած մարտերը  կրնան տարածուիլ՝ հասնելով մինչեւ Գամիշլի, ռուս պատասխանատուներու միջամտութիւնը կը մարէր   տարածուելու հաւանականութիւն ունեցող արաբ- քրտական բաւական վտանգաւոր  հրդեհը:

Յառաջիկայ օրերուն աւելի պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչքանով ազդու է ռուսական այս միջամտութիւնը, տրուած ըլլալով, որ Սպիտակ Տան  համար եւս Հասաքէի եւ շրջանի քիւրտերը  դարձած են կարեւոր եւ վսստահելի  գործընկեր: