image

Ռուսաստանի մէջ իրականացուող մրցումին հայ հրասայլորդները կիսաեզրափակիչ փուլ հասած են

Ռուսաստանի մէջ իրականացուող մրցումին հայ հրասայլորդները կիսաեզրափակիչ փուլ հասած են

Մերձմոսկովեան Ալապինոյի մէջ տեղի ունեցած է հայ հրասայլորդներու մասնակցութեամբ վերջին անհատական մրցավազքը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հայաստանը ներկայացնող հրասայլորդները մրցած են Վիեթնամի, Խըրխըզիստանի եւ Միանմայի խումբերուն հետ։

Հայկական խումբը խոցած է հնարաւոր հինգ թիրախներէն հինգը, իսկ վերջին անհատական մրցավազքէն ետք՝ ամփոփուած են արդիւնքները։ Հայաստանի խումբը 12 լաւագոյններու շարքին զբաղցուցած է 9-րդ հորիզոնականը եւ անցած է կիսաեզրափակիչ։

Հայ հրասայլորդներու մասնակցութեամբ փոխանցումավազքի առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 8 oգոստոսին, իսկ մրցակիցները պիտի ըլլան Ռուսիան, Վենեզուէլան եւ Մոնկոլիան: