image

Ռուսաստան. «Քորոնա» ժահրի երկու պատուաստ՝ Սեպտեմբերին

Ռուսաստան. «Քորոնա» ժահրի երկու պատուաստ՝ Սեպտեմբերին

Ռուսաստանի Փոխ վարչապետ Թաթիանա Կոլիքովա յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ տարուած պայքարի շրջածիրէն ներս Ռուսաստան հրապարակ պիտի հանէ երկու տեսակի պատուաստ եւ այն պիտի իրականացուի առաջիկայ սեպտեմբերին։ Սոյն պատուաստները կը մշակուին «Վիքթոր» կեդրոնի եւ «Կամալի» ուսումնարանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»  ծառայութեան  արաբական  բաժինը։

Կոլիքովա այս մասին խօսելով մասնաւորապէս ըսած է. «Ռուսաստանի մէջ երեք առաջատար հաստատութիւններ կը գործեն «Քորոնա»ի  համար պատուաստ արտադրելու նպատակով։ Անոնցմէ է Դաշնային հաստատութիւնը եւ «Կամալի» ուսումնարանը, որ կ'աշխատի Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 48-րդ ուսումնարանի հետ  համագործակցաբար»:

Ռուս գործիչը նաեւ նշած է, որ «պատուաստի փորձարկումները տեղի կ'ունենան «Կամալի» եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 48-րդ ուսումնարաններուն  մէջ առաջիկայ յունիս եւ օգոստոս ամիսներուն ընթացքին, նշելով որ ստացուած արդիւնքներուն հիմքով պատուաստի արտադրութիւնը պիտի սկսի առաջիկայ սեպտեմբերին»:

Ան նաեւ նշած է, որ ««Վիքթոր» պետական կեդրոնի գիտաշխատողները, միաժամանակ նմանապէս պիտի արտադրեն պատուաստ: Փորձարկումները պիտի սկսին յունիսին եւ տեւեն մինչեւ սեպտեմբերի վերջը, ապա պիտի մեկնարկեն արտադրութիւնը»:  

Յիշեցնենք, որ համաճարակի սկիզբէն ի վեր ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 7,6 միլիոնէ աւելի մարդ եւ մահացած է մօտ՝ 425000 մարդ: Ըստ վերջին տուեալներուն՝ Ռուսաստանի մէջ վարակուած է 520129 մարդ, ապաքինուած է 274641, իսկ մահացած՝ 6829: