Քուէյթ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Տեղեկատու անվտանգութեան աղբիւր մը յայտնած է, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի կողմէ «Հըզպալլա»ի ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասակարգումէն ետք, «Լիբանանի ներքին գործերու նախարարութիւնը ջանքեր կը գործադրէ հետապնդելու անվտանգութեան սահմանափակումներ ունեցող լիբանանի քաղաքացիներուն»: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ աւելի քան 60 լիբանանցիներու Քուէյթ բնակութեան արտօնագրերը, որոնք կը գործեն 18-րդ յօդուածի համաձայն՝ վերատեսութեան ենթարկուած են: Նշեալ յօդուածի համաձայն Քուէյթի մէջ ժամանակաւոր բնակող լիբանանցիներուն մէկ կամ երկու ամիս մնալու արտօնութիւն կը տրուէր, մինչեւ իրենց հարցերու կարգաւորումը, կամ ֆինանսական յատկացումեր ստանալը, իսկ լուրջ պարագաներուն կը տրուի միայն 48 ժամ»:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ «այս ուղղութեամբ, բարձր մակարդակի վրայ Ծոցի երկիրներու ուղղակի համակարգործակցութիւն կը գործէ՝ խորհուրդի մաս կազմող երկիրներէն ներս սահմանափակելու անցանկալի շարք մը մարդոց աշխատանքի արտօնութիւնները, հաստատելով, որ «գոյութիւնը ունի անուանացանկեր եւ անվտանգութեան հաղորդագրութիւններ, կանխելու համար անոնց երկիր մուտքը»: