image

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով. Իրան-Հայաստան սահմանը փակ պիտի մնայ մինչեւ 24 մարտ

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքով. Իրան-Հայաստան սահմանը փակ պիտի մնայ մինչեւ 24 մարտ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրի տարածման դէպքերու հետ կապուած Հայաստան-Իրան սահմանահատումներու սահմանափակումները պիտի երկարաձգուին եւս 2 շաբաթով:

Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

«2 Մարտին՝ առաւօտեան, վարչապետի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք, Կառավարութիւնն արտահերթ որոշում կայացուց, որ, հաւանաբար, այսօր կը հրապարակուի եւ վաղն ուժի մէջ կը մտնէ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ սահմանահատումներու հետ սահմանափակումներն ընդունուած էին 2 շաբաթ ժամանակով՝ մինչեւ 10 մարը: Այդ երկրին մէջ առկայ համաճարակային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ որոշում ընդունուեցաւ այդ սահմանափակումները երկարաձգել եւս 2 շաբաթով՝ մինչեւ 24 մարտ: Բեռնափոխադրումներու մասով որոշակի բացառութիւններ կային, որոնք պիտի հանուին եւ ժամանակաւորապէս պիտի մնան սահմանափակումներու դաշտին մէջ»,- նշած է Թորոսեանը: