image

Քիւրտիստանի ճգնաժամի գլխաւոր հանգրուանները

Քիւրտիստանի ճգնաժամի գլխաւոր հանգրուանները

Կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարազանի յայտարարեց, որ Քիւրտիստանի եւ Պաղտատի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան որպէս արդիւնք պիտի յառաջիկայ նոյեմբերի սկիզբը պիտի լքէ նախագահական աթոռը:

Պարազանիի յայտարարութիւնը յաջորդեց նաեւ Քիւրտիստանի հողերու մեծ մասի կորուստին, որոնք Պաշմարքայի զինեալներուն կողմէ գրաւուած էին 2003 թուականէն ի վեր:

Պատմական նշանակութիւն ունեցող հանրաքուէն.-

Ընթացիկ տարուան սեպտեմբերի 25-ին Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացաւ պատմական նշանակութիւն ունեցող, երկար սպասուած անկախութեան հանրաքուէն, որուն արդիւնքը երբեք չէր հակասեր սպասելիքներուն: «Այո»ն անցաւ ձայներու 93 առ հարիւր մեծամասնութեամբ:

Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ, որ կ'ընդգրկէ Իրպիլ, Տհոք եւ Սուլէյմանիէ նահանգները, նաեւ Պաղտատի հետ կռուախնձոր հանդիսացող շարք մը շրջաններու մէջ, որոնք սակայն հանրաքուէէն ետք անցան Քիւրտիստանի տիրապետութեան տակ:

Պաղտատի կարգադրութիւնը.-

26 սեպտեմբերին Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ երեք օր անց պիտի արգիլէ «Քիւրտիստան մեկնող եւ անկէ ժամանող բոլոր թռիչքները, եթէ օդակայանները չենթարկուին Դաշնային կառավարութեան»:

Իր հերթին Պարազանի Պաղտատին դիմելով կոչ ուղղեց չփակել երկխօսութեան բոլոր ճանապարհները, միաժամանակ միջազգային հանրութեան հաւաստիացնելով, որ հանրաքուէն Պաղտատի հետ սահմաններու պաղտօնականացման, կամ արդիւնքները բռնի ուժով պարտադրելու նպատակ չի հետապնդեր:

 

Ապատի կոչ կ'ուղղէ հանրաքուէն չեղեալ յայտարարելու եւ երկխօսութիւն սկսելու.-

27 սեպտեմբերին Իրաքի խորհրդարանը քուէարկեց կեդրոնական իշխանութեան տիրապետութենէն դուրս գտնուող շտջաններուն հետ սահմանային անցակէտերու փակման օգտին: Պատգամաւորները վարչապետէն պահանջեցին համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկել, Իրաքի միասնութիւնն ապահովելու համար, միաժամանակ շեշտելով անվտանգութեան ուժերը հակամարտութեան շրջաններ ուղարկելու անհրաժեշտութիւնը: Յաջորդ օրը՝ 28 սեպտեմբերին, Քիւրտիստանի կառավարութիւնը «համընդհանուր պատիժ»ի դիմելու սպառնալիք կու տայ:

Թռիչքներու կասեցում.-

 29 սեպտեմբերին Պաղտատի հրամանով կասեցուեցան Քիւրտիստանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ իրականացուող թռիչքները: Որոշումը կը բացառէր մարդասիրական, ռազմական եւ դիւանագիտական նպատակներով իրականացուող թռիչքները:

Այս առթիւ Ապատի շեշտեց, որ որոշման նպատակը պատժելը չէ, այն «դատական գործողութիւն»: Միւս կողմէ ԱՄՆ կը մերժէ ընդունիլ հանրաքուէի իրաւականութիւնը եւ կողմերուն երկխօսութեան կոչ կ'ուղղէ:

30 սեպտեմբերին Պաղտատ կը սառեցնէ նաւթի մատակարարումը դէպի Քիւրտիսան եւ անկէ դուրս:

Քաղաքական վարչակարգը.-

1 հոկտեմբերին Քիւրտիստան կ'որոշէ Հանրաքուէի գերագոյն յանձնաժողովը փոխարինել «Քուրտիստանի քաղաքական վարչութիւն» անուանումով, որ պիտի ղեկավարուէր նախագահ Պարազանիի կողմէ, եւ պիտի ստանձնէր հանրաքուէի արդիւնքներու ղեկավարումը, մանաւանդ՝ Պաղտատի եւ յարակից երկիրներու հետ:

Ռազմական գործողութիւն.-

10 հոկտեմբերին Իրաքի որոշմամբ վերաբացուեցաւ Քարքուք նահանգն ու Թուրքիոյ Ճիհան նաւահանգիստը կապող նաւթի գլխաւոր կողովակը:

11 հոկտեմբերին Իրաքի դատարանը իրաքեան կառավարութեան պահանջով որոշում հրապարակեց Հանրաքուէն վերահսկող յանձնաժողովի նախագահի ու երկու անդամներու ձերբակալութեան:

13 հոկտեմբերին Իրաքի կառավարական ուժերը ռազմական գործողութիւններ կը սկսին Քարքուք նահանգին մէջ, եւ զգալի յառաջխաղացում կը գրանցեն, ազատագրելով երեք տարիներէ ի վեր քիւրտերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններու մեծ մասը:

14 հոկտեմբերին իրաքեան ուժերը առիթ կու տան քիւրտ զինեալներուն Քարքուքի մէջ նահանջելու մինչեւ 2014 թուականի սահմանները: Ուաշինկթըն կը միջամտէ, զինադադարի հաստատման նպատակով:

15 հոկտեմբերին, քիւրտ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ժողով կը գումարեն, շեշտելով, որ որեւէ երկխօսութեան համար որեւէ պայման չեն ընդունիր:

16 սեպտեմբերին իրաքեան կառավարական ուժերը յառաջանալով իրենց տիրապետութեան տակ կը վերցնեն նաւթային եւ ռազմական կայաններ, նաեւ կ'ազատագրեն Քարքուքի ռազմական օդակայանն ու խոշոր ռազմակայաններէն մէկը:

17 հոկտեմբերին իրաքեան կառավարական ուժերը Քարքուքի վեց նաւթահորերէն հինգը կ'ազատագրեն քիւրտերէն: Յետագային կը պարզուի, որ Պաշմարքայի ուժերը ետ քաշուած են համաձայնութեան գալով Պաղտատի հետ, այն բանէն ետք, երբ քրտական ուժերուն միջեւ պառակտում տեղի ունեցած էր:

18 հոկտեմբերին իրաքեան կառավարական ուժերը կը յայտարարեն, որ իրագործած են Քարքուքի մէջ անվտանգութիւն վերահաստատելու իրենց նպատակը, որուն հասնելու համար տեղի ունեցող մարտերու ժամանակ երկու կողմէն զոհուած է 30 անձ:

Իրպիլ ելք կը փնտռէ.-

19 հոկտեմբերին քրտական ուժերը Պաղտատի հետ երկխօսութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնեն, եւ միջազգային հանրութեան միջամտութիւնը կը հայցեն:

22 հոկտեմբերին քրտական ընդդիմադիր «Կորան» շարժումը հանդէս կու գայ նախագահի հրաժարականի պահանջով:

23 հոկտեմբերին Իրպիլի մէջ 11 իրաքցի  պաշտօնեայի դէմ ձերբակալութեան որոշում կը հրապարակուի, ի պատասխան Պաղտատի կողմէ քիւրտ անհատներու դէմ կայացուած համապատասխան որոշման:

25 հոկտեմբերին Քիւրտիստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները սառեցնելու:

29 սեպտեմբերին Մասուտ Պարազանի խորհրդարանին ուղղուած իր նամակով կը յայտարարէ, որ նոյեմբերի 1-էն մտադիր է հրաժարիլ նախագահական պաշտօնէն: