image

Քեսապցիք բնականոն հունով կը վաճառեն իրենց բերքերը (Լուսանկարներ)

Քեսապցիք բնականոն հունով  կը վաճառեն իրենց բերքերը (Լուսանկարներ)

Քեսապի վիճակը մտած է բնականոն հունի մը մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Քեսապի իր  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ համեմատած անցեալ տարուան, հայկական գիւղը կ'ապրի աւելի ապահով դրութեամբ  եւ  նախկինին պէս  գիւղին մերձ եղող լեռնային շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններ չեն արձանագրուիր: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քեսապի գիւղացիները եւս անցած են բերքահաւաքի բնականոն  աշխատանքին: Անոնց բերքին մեծագոյն մասը  կը տարուի Լաթաքիա, ուր սպառման կարեւոր շուկաներ կան:

Ըստ մեր աղբիւրին, անցնող տարիներուն համամետ գիւղին մէջ այս տարուան խնձորի, դեղձի եւ այլ միրգերու բերքը բաւական լաւ է, սակայն որոշ դժգոհութիւններ կան կապուած  միրգերու գինին  անկումին վերաբերեալ, բան մը, որ պայմանաւորուած է Սուրիոյ մէջ պատերազմական դրութեան առկայութեամբ:  Մեր  աղբիւրը  նաեւ նշեց, որ Քեսապի ազգային մարմիններ (երեք յարանուանութիւններուն մասին է խօսքը-«Արեւելք») անհրաժեշտ օժանդակութիւններ կը տրամադրեն այն գիւղացիներուն, որոնք տարբեր տեսակի կարիքներ ունին (հողամշակման կարիքներ, բերքահաւաքի հետ կապուած օգնութիւն եւ պարտէզները դեղելու համար յատուկ միջոցներու ապահովում):

Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր Քեսապ հասած են ամրան իրենց արձակուրդը հայկական գիւղին մէջ անցընելու նպատակով, իսկ անցեալ կիրակի գիւղին մէջ նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տօնը եւ այդ  առթիւ եղած են յատուկ տօնախմբութիւններ: