27 Ապրիլին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ «Քաղաքացու Օր»ը։ Ամբողջ օրուան ընթացքին մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր։ «Տօն»ին նպատակն էր նշել անցեալ տարուան թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին տարեդարձը։
Մէկ տարի առաջ, երբ Երեւանը փոթորկած էր եւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ժողովուրդը փողոց իջած էր եւ ամէնօրեայ յամառ պայքարէ ետք կարելի եղած էր իրագործել բոլորին կողմէ բաղձալի իշխանափոխութիւնը։
Ժողովուրդի մեծամասնութիւնը խանդավառօրէն թիկունք կանգնեցաւ թաւշեայ յեղափոխութեան։ Նիկոլ Փաշինեանը պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ որպէս այն ղեկավարը, որ կարելի դարձուց բոլորին կողմէ անկարելի նկատուող իշխանափոխութիւնը, վերջ դրաւ քառորդ դարէ իր վեր շարունակուող թալանին, կաշառակերութեան, անպատժելիութեան եւ դեռ շատ ու շատ վերացական գոյականներու, որոնք կ՚արգելակէին մեր հայրենիքի զարգացումն ու հզօրացումը։
Անկախութեան շրջանին տարագիր դարձան աւելի մեծ թիւով հայեր քան Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Տարագիր դարձան՝ յաջորդական իշխանութիւններու ապիկար ղեկավարման եւ յանցագործ գործունէութեան հետեւանքով։ Մնացողներու եւ մեկնողներու սրտերուն մէջ տարիներու ընթացքին կուտակուեցաւ անսահման ատելութիւն անարդարութեան իշխաններուն հանդէպ։ Եւ այդ քաղաքացի ու տարագիր հայերը խանդավառ վկաները եղան յեղափոխութեան, որովհետեւ յեղափոխութիւնը մեր ազգին բերաւ այն Յոյսը, որ կարելի՛ է կասեցնել մեր երկրի սրընթաց անկումը եւ ձեռնարկել վերականգնումի ու հզօրացման գործընթացին։ Ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւնը ցնծաց նախորդ իշխանութիւններու մեկնումով։
Այո, Նիկոլ Փաշինեանը կասեցո՛ւց մեր երկրի թաւագլոր անկումը։ Թէ ինչ պիտի բերեն յառաջիկայ ամիսներն ու տարիները, եթէ շուտով պիտի սկսի վերելքը թէ տակաւին երկար պիտի յամենանք անկումի կասեցման կէտին վրայ, ատիկա ուրիշ նիւթ է, որ միշտ բաց կը մնայ քննարկման։ Բայց անկումի կասեցումը ինքնին արժէք ըլլալէ չի դադրիր։
Նիկոլ Փաշինեանը սխալներ թոյլ տալու իրաւունք չունի։ Իրեն թիկունք կանգնած ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի հսկելու, որ վարչապետը ամուր մնայ իր յայտարարած սկզբունքներուն վրայ, հեռու մնայ ամէն տեսակի սայթաքումներէ եւ փորձութիւններէ, ու մանաւանդ՝ իր շրջապատն ու գործակիցները եւս բացարձակ հսկողութեան տակ պահէ, որպէսզի չմթագնի յեղափոխութեամբ ձեռք բերուած Յոյսը։ Ժողովուրդի մօտ շահուած վստահութիւնը անգին դրամագլուխ մըն է, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ եւ ոչ միայն չվատնել, այլ աւելի՛ մեծցնել, խոստումներուն տէր կանգնելով եւ զանոնք իրագործելով։
Այո, յեղափոխութեան առաջին տարեդարձը նշելի առիթ մը է։ Բայց արդարացի չէ զայն «քաղաքացու օր» հռչակելը։ Արդէն այդ «տօն»ը միանշանակ չընդունուեցաւ բոլորին կողմէ։ Շատեր մերժեցին զայն նկատել քաղաքացիի օր կամ տօնական օր։ Փաստօրէն յեղափոխութեամբ խանդավառ բազմութիւնները տօնեցին, բայց ուրիշ զանգուածներ լուռ կերպով դիտեցին, նոյնիսկ մերժեցին։
Եթէ ամէն վարչակարգ իր իշխանութեան գալու օրը պիտի հռչակէ ազգային տօն, կը նշանակէ որ տակաւին չենք բարձրացած աւատապետական մտայնութենէն։ Բոլշեւիկները եկան օտար սուիններով, իրենց գալու օրը՝ Նոյեմբեր 29-ը հռչակեցին ազգային տօն, մերժելով իրենց նախորդներու գոյութիւնը եւ Մայիս 28-ը։ Ու խաւարը տեւեց 70 տարի։ Եկաւ Սեպտեմբեր 21-ը, իր պատուաւոր տեղը գտաւ որպէս ազգային տօն, մերժելով իր նախորդները եւ անոնց տօնը։ Ու մոռցուեցաւ Նոյեմբեր 29-ը։ Հիմա եկաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ու դարձեալ գրանցեցինք նոր տօն մը՝ «Քաղաքացու Օր»։
Բայց ի վերջոյ պէտք է կասեցնել այս տօներու ստեղծման «սովորութիւնը»։ Պէտք է գիտակցիլ, որ Քաղաքացիի Օրը, Հայուն Օրը, հայկական ազգային օրացոյցի տօներուն տօնը Մայիս 28-ն է։ Այն տօնը, որ կը խորհրդանշէ վեց հարիւր տարուան ստրկութեան շղթաներուն փշրուիլը։ Այն օրը, երբ «վեց դարերի խաւարէն» ետք Հայաստանի երկնակամարին վրայ ծածանեցաւ «Դրօշ Եռագոյն», որ կը ներկայացնէր «Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր, երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ, հասուն հասկերի շող նարնջագոյն»։ Այն օրը, երբ Հայաստանի հողին վրայ պետականութեան անկումէն հազար տարի ետք մեր Ազգը՝ «յարեալ վեհօրէն դամբանէն խաւար»՝ վերականգնեց իր պետականութիւնը, աննկարագրելիօրէն ծանր եւ արիւնոտ երկունքէ ետք։ Այն տօնը՝ որ հայը ստրուկի կարգավիճակէն բարձրացուց քաղաքացիի կարգավիճակին։ Այն տօնը՝ որ հազարամեայ խաւարէն ետք արե՛ւ պարգեւեց հայ քաղաքացիին։
Այո՛, Հայ Քաղաքացիին Օրը միայն մէկն է՝ Մայիս 28-ը։ Մաղթենք, որ մեր հայրենիքը այնքան զօրանայ, մեր ժողովուրդը այնքան բարգաւաճի, որ իր բոլո՛ր օրերը ըլլան տօնական։ Մաղթենք, որ իսկապէս անվերադա՛րձ ըլլայ կաշառակերութեան, թալանի, անպատժելիութեան, բռնատիրութեան, ատելութեան դարաշրջանը եւ իսկապէս վերաբացուի մեր առջեւ Մայիս 28-ի շողերով լուսաւորուած ժողովրդավարութեան, օրէնքի, վերածաղկումի, ազգահաւաքի դարաշրջանը։
Գրիգոր Դաւիթեան