image

Պոլսոյ Սուրբ Խաչ վարժարանի պատերուն հայութեան ուղղուած սպառնալից գրութիւններ

Պոլսոյ  Սուրբ Խաչ   վարժարանի  պատերուն      հայութեան ուղղուած  սպառնալից     գրութիւններ

Պոլսոյ  Սուրբ   Խաչ   վարժարանի  պատերուն  հայութեան   ուղղուած սպառնալից   խօսքեր  նկատուած  են: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ  «Տէմոքրաթ հապէր» կայքը: Աղբիւրը, որ նոյնպէս տեղադրած է           վարժարանի  պատերուն այսօր առնուած  ընդհանուր պատկերը, նաեւ  գրած է, թէ  պատին վրայ  գրուած է «Ձեզի բերած ենք  Քիւրշաթ   թագաւորի ատելութիւնը»: Կը նշուի նաեւ, որ  միջին ասիացի  Քիւրշաթ   թագաւոր յայտնի էր իր ատելութեամբ:  Աղբիւրը  նկատել կու տայ, որ գրութեան     հեղինակները  կը ներկայանան որպէս Ապտիւլլահ Չաթլիի  հետեւորներ, ու  որպէս ապացոյց  գրութեան  տակ դրած են վերջինիս անունը:   Նշենք, որ  Չաթլի Թուրքիոյ ազգայանամոլ  («Գորշ գայլեր»  եւ այլ խմբաւորումներ) շրջանակներուն համար յայտնի է իբրեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ  ԱՍԱԼԱ-ի դէմ   գործողութիւններ կազմակերպած  անձնաւորութիւն մը: