Պոլսոյ մէջ վախճանած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ Տ. Յովհաննէս արք. Չոլաքեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Նշենք, որ Գերապայծառ Չոլաքեան Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքը կը հովուէր 1967 թուականէն սկսեալ: Գերապայծառը (97 տարեկան) 2015-ին երկար տարիներ համայնքը առաջնորդելէ ետք իր յառաջացած տարիքին համար հրաժարած էր պաշտօնէն՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդութիւն յանձնելով Տ. Լեւոն Գերպ. Զէքիեանին: Ստորեւ կը ներկայացնենք վախճանեալ Գերապայծառին կենսագրական գիծերը:
Կենսագրական Գրիգոր ի Տէր հանգչած Տ. Յովհաննէս արք. Չոլաքեանի
Ծնած է Պոլիս, 12 Ապրիլ 1919-ին.
1931- 1937 Կը յաճախէ Պոլսոյ Սէն Լուի սէմինարը:
1937-1943 Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կը ստանայ բարձրագոյն ուսում ՝փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան:
25 Ապրիլ 1943 Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի. Հռոմ:
1946-1961 նախ փոխանորդ, յետոյ ժողովրդապետ Սագըզաղաճի Ս. Աստուածածինաթոռանիստ եկեղեցւոյ
1960-1977 եղած է ուսուցիչ Եսայեան վարժարանի մէջ, հոգեբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ տրամաբանութեան ճիւղերու:
5 Մարտ 1967 ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս քարտինալ Գրիգոր Աղաճանեանի ձեռամբ:
1987-ին եղած է Թուրքիոյ եպիսկոպոսաց ժողովին ներկայացուցիչը Վատիկանի մօտ:
1991-ին եղած է ներկայացուցիչ Թուրքիոյ՝ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց ժողովին:
1992-1995-ի միջեւ ՝Թուրքիոյ եպիսկոպոսաց ժողովին նախագահ:
1967-2014 Կը վարէ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդի պաշտօն: