Ռուսիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն») «Ի՞նչ կայ պայուսակիդ մէջ, արդե՞օք գումար է, որպէսզի մեր հետ աւելի լաւ բանակցիս», հարցուցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քէրիին, կատակելով: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-հայաթ», նշելով, որ Փութին Քէրիի հետ հանդիպումը սկսած էր կատակով մը, ըսելով, թէ յուսախաբ եղած է, երբ տեսած էր զինք իր պայուսակը անձամբ շալկելով օդանաւէն իջնելը: Քէրիի հարցական նայուածքը փարատելու համար Փութին շարունակած էր՝ «Մէկ կողմէն, այս պահուածքը շատ ժողովրդավարական է, սակայն միւս կողմէ, ես ինձ հարց տուի, թէ արդեօք իրավիճակը Միացեալ Նահանգներու մէջ այդքան վատ է, որ ոչ ոք չկայ օգնող արտաքին գործոց նախարարին՝ իր պայուսակը շալկելու համար»: Փութին շարունակած էր՝ «սակայն ձեր տնտեսական վիճակը լաւ է, անոր համար մտածեցի, որ այս պայուսակին մէջ արժէքաւոր բան մը ըլլալու է, որ կարելի չէ ուրիշի մը վստահիլ. Կ'երեւի ձեր հետ գումար բերած էք մեր հետ սակարկութեան նստելու համար»: Քէրին մասնակցելով Փութինի կատակին պատասխանած էր՝ « երբ առիթ կ'ունենանք դէմ առ դէմ առանձին խօսելու քեզ ցոյց պիտի տամ ինչ կայ պայուսակիս մէջ. Անակնկալի պիտի գաս եւ ուրախ անակնկալ մը պիտի ըլլայ»: