image

Պէյրութի նաւահանգիստի հրդեհը կը նահանջէ

Պէյրութի նաւահանգիստի հրդեհը կը նահանջէ

Պէյրութի աւերակուած նաւահանգիստին մէջ ծայր առած մեծ հրդեհը սկսած է նահանջել։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ.Պի.Սի. Այ.» կայանէն։

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պէյրութի ԱԻՆ- մարմիններ կարողացած են ինչ որ չափով «պաշարման» տակ առնել ծագած հրդեհը։

 

 

 Ի դէպ «Էլ. Պի. Սի. Այ.»ի լրագրողը, որ կը գտնուի դէպքին վայրը նշած է, որ  հրդեհը տարածուած է յատկապէս ինքնաշարժներու անիւ,ինչպէս նաեւ  տնային օգտագործման համար նախատեսուած ձէթ պարունակող պահեստարաններու մէջ։

 

 Մինչեւ այս պահը մարդկային տոյժերու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր։

 

 

 Կրակին հետեւանքով մայրաքաղաք Պէյրութի երկինքը մթագնած է եւ հրդեհի վայրէն բարձրացող սեւ ծուխը հասած է հեռաւոր շրջաններ։

 

 Կենսոլորտային հարցերով զբաղուողներ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած են փակուիլ տուներուն մէջ ու փակել իրենց տուներու դռներն ու պատուհանները։