Պէյրութի աւերակուած նաւահանգիստին մէջ ծայր առած մեծ հրդեհը սկսած է նահանջել։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ.Պի.Սի. Այ.» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պէյրութի ԱԻՆ- մարմիններ կարողացած են ինչ որ չափով «պաշարման» տակ առնել ծագած հրդեհը։
Ի դէպ «Էլ. Պի. Սի. Այ.»ի լրագրողը, որ կը գտնուի դէպքին վայրը նշած է, որ հրդեհը տարածուած է յատկապէս ինքնաշարժներու անիւ,ինչպէս նաեւ տնային օգտագործման համար նախատեսուած ձէթ պարունակող պահեստարաններու մէջ։
Մինչեւ այս պահը մարդկային տոյժերու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր։
Կրակին հետեւանքով մայրաքաղաք Պէյրութի երկինքը մթագնած է եւ հրդեհի վայրէն բարձրացող սեւ ծուխը հասած է հեռաւոր շրջաններ։
Կենսոլորտային հարցերով զբաղուողներ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած են փակուիլ տուներուն մէջ ու փակել իրենց տուներու դռներն ու պատուհանները։