image

Պերլինի յարձակումը գործողին ձերբակալումէն ետք տակաւին ահաբեկչութեան սպառնալիքը առկայ է. Մերքէլ

Պերլինի յարձակումը գործողին ձերբակալումէն ետք տակաւին ահաբեկչութեան սպառնալիքը առկայ է. Մերքէլ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ վստահեցուցած է, որ Պերլինի ահաբեկչական յարձակումն իրագործողին Միլանոյի մէջ ձերբակալուիլը վերացուցած է  անմիջական վտանգը, սակայն ահաբեկչութեան սպառնալիքը տակաւին առկայ է, կը գրէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

«Կրնանք հանգիստ ըլլալ, որ խոշորագոյն վտանգը վերացած է, սակայն ընդհանուր առմամբ բոլորս ալ գիտենք, որ ինչպէս տարիներէ ի վեր, ներկայիս նոյնպէս ահաբեկչութեան վտանգը առկայ է»,-  լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Մերքէլ: