Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ վստահեցուցած է, որ Պերլինի ահաբեկչական յարձակումն իրագործողին Միլանոյի մէջ ձերբակալուիլը վերացուցած է անմիջական վտանգը, սակայն ահաբեկչութեան սպառնալիքը տակաւին առկայ է, կը գրէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:
«Կրնանք հանգիստ ըլլալ, որ խոշորագոյն վտանգը վերացած է, սակայն ընդհանուր առմամբ բոլորս ալ գիտենք, որ ինչպէս տարիներէ ի վեր, ներկայիս նոյնպէս ահաբեկչութեան վտանգը առկայ է»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Մերքէլ: