Ամերիկահայ աղբիւրները կը յայտնեն որ համայնքի ազգային կեանքը կորսնցուցած է իր յայտնի դէմքերէն մէկը։ 25 Սեպտեմբերին, 90 տարեկանին մահացած է մեծանուն գործարար, բարերար եւ արուեստի հովանաւոր Ռիչըրտ Մանուկեան՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու որդին եւ «Մասքօ» ընկերութեան երկարամեայ ղեկավարներէն մէկը։
Ռիչըրտ Մանուկեան ծնած էր 1936ին։ Ան 1958ին միացած էր հօր՝ Ալեք Մանուկեանի հիմնադրած «Մասքօ» ընկերութեան, 1964ին ընտրուած էր ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամ, իսկ 1968ին նշանակուած՝ նախագահ եւ գործադիր տնօրէն։ 1985ին ան ստանձնած էր վարչական խորհուրդի նախագահի եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնները։
Ռիչըրտ Մանուկեանի ղեկավարութեան տարիները «Մասքօ»ի պատմութեան ամէնէն արագ աճի ժամանակաշրջաններէն մէկը դարձան։ 1960-1980 տարիներուն ընկերութիւնը ընդարձակեց իր գործունէութիւնը շինարարութեան եւ բնակարանային բարեկարգման արտադրատեսակներու բնագաւառներուն մէջ՝ ձեռք բերելով աւելի քան 100 ընկերութիւն։ Երբ Ռիչըրտ Մանուկեան միացաւ «Մասքօ»ին, տարեկան վաճառքը շուրջ 55 միլիոն տոլար էր։ 2007ին, երբ ան շուրջ կէս դարու ծառայութենէ ետք հրաժարեցաւ գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն, ընկերութեան տարեկան վաճառքը արդէն գերազանցած էր 8 միլիառ տոլարը։ 2012ին ան ստացաւ պատուակալ նախագահի տիտղոսը։
Ռիչըրտ Մանուկեանի գործունէութիւնը, սակայն, չմնաց գործարար աշխարհի շրջանակին մէջ։ Ան շարունակեց իր ծնողներուն՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու բարեգործական հարուստ աւանդութիւնը՝ կարեւոր աջակցութիւն բերելով հայկական եկեղեցական, կրթական ու մշակութային կեանքին։ Ան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ դարձած էր 1996ին, 2006ին ընտրուած էր հոգաբարձուներու խորհուրդին, իսկ 2019էն սկսեալ կը ծառայէր որպէս պատուակալ հոգաբարձու։ Ան հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի եղբայրն էր։
Մանուկեան լայն ճանաչում ունէր նաեւ իբրեւ արուեստի հաւաքորդ եւ հովանաւոր։ Իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին ան իր ժամանակն ու միջոցները տրամադրեց կրթութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ համայնքային կեանքի զարգացման։