image

«Պատուի համար». սուրիացի փախստականը 15 հարուածով դանակահարած է իր յղի քրոջ

«Պատուի համար». սուրիացի փախստականը 15 հարուածով դանակահարած է իր յղի քրոջ

Գերմանիոյ Հիսն նահանգի Հանաու քաղաքին մէջ, սուրիացի փախստական մը 12 տարուան բանտարկութեամբ դատապարտուած է՝ իր քրոջ «ոչ դիտաւորեալ» կերպով սպաննելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաաի ալ-եաում» արաբական թերթը, նշելով, որ 22 տարեկան ամբաստանեալը դատավարութեան ժամանակ խոստովանած է 30-ամեայ իր քրոջ սպանութիւնը՝ անցեալ յունուարին ընտանեկան սուր վէճի ընթացքին: Դատարանը իր որոշման մէջ յայտարարած է, որ ամբաստանեալը իր տան մէջ զոհին դանակահարած է երկար խոհանոցային դանակով՝ անոր հասցնելով 15 հարուած, ինչը պատճառ եղած է անոր եւ իր 23 շաբաթական «պտուղ»ին մահուան:

Դատարանի նախագահը իր հերթին նշած է, որ «ընտանիքի պատուի վէրքը» դեր խաղցած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմէն փախուստ տուած փախստականի յանցագործութեան մէջ, քանի որ կ'ենթադրուի որ տուժողը ամուսնացած եղած է եւ յարաբերութիւն ունեցած է այլ տղամարդու հետ:

Դատախազը որպէս պատիժ պահանջած էր մեղադրեալի ցմահ ազատազրկում, քանի որ ան վայրագօրէն դանակով «մորթած է» իր քրոջ, սակայն պաշտպանական մարմինը յարմար նկատած է բաւարարուիլ միայն 9 եւ կէս տարի բանտարկութեան պատիժով: