Բրիտանական «Mail on Sunday» թերթը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հարցազրոյց ունեցած է, ուր վերջինս հերքած է այն լուրերը, թէ Սուրիա կը հետեւի Ռուսիոյ կողմէ արձակուած հրամաններուն, շեշտելով, որ իր երկիրը ռուս եւ իրանցի դաշնակիցներէն անկախ կը գործէ:
Ասատ քննադատած է ԱՄՆ-ի եւ Բրիտանիոյ կողմէ Սուրիոյ հողերուն վրայ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները, միաժամանակ բարձր գնահատելով Ռուսիոյ աջակցութիւնը:
Ասատ շեշտած է նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւնները 7 տասնամեակի պատմութիւն ունին, որուն ընթացքին ռուսական կողմը երբեք միջամուխ չէ եղած Սուրիոյ ներքին քաղաքականութեան:
Ասատ նշած է, որ Սուրիոյ պատերազմի 7 տարիներու ընթացքին բնականաբան տարակարծութիւններ եղած են իր կառավարութեան ու դաշնակից ռուսերու եւ իրանցիներու միջեւ, սակայն վերջին հաշւով Սուրիոյ վերաբերեալ բոլոր որոշումները կը կայացուին բացառապէս Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ:
Ասատ յայտնած է, որ իր երկիրը դադրեցուցած է եւրոպական երկիրներու հետ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, որովհետեւ, անոր կարծիքով, անհնար է մէկ կողմէ Սուրիոյ հետ համագործակցիլ, միւս կողմէ վերջինիս թշնամիներուն հետ միասին ձգտիլ ոչնչացնել անոր բանակը:
Եւրոպական երկիրներու հետ համագործակցութեան հարցով Ասատ շեշտած է. «Անոնց ըսինք՝ երբ որ նշուած համագործակցութեան համար քաղաքական հովանաւորութիւն ձեռք բերէք, կամ, ըսենք, փոխէք ձեր քաղաքական դիրքորոշումը, այնժամ մենք պատրաստ պիտի ըլլանք»: