Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մէսուտ Պարազանի Անգարայէն յայտարարած է, որ ներկայիս Թուրքիա կատարած իր այցելութիւնը կը միտի երկու կողմերուն միջեւ առկայ «համակարգումը» զօրացնելու: Քիւրտ առաջնորդը, որ խօսած է թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը, յայտնած է, որ կարեւոր փոփոխութիւններ կը կատարուին տարածաշրջանին մէջ, «հետեւաբար հարկաւոր է աւելցնել համագործակցութիւնը»: Ան ըսած է, որ իրենց համար հիմնական առաջնահերթութիւնը «Իսլամական պետութեան» դէմ անդուլպայքարն է: Պարազանի յայտնած է, թէ ինք թուրք պատասխանատուներուն հետ քննարկած է շրջանին մէջ գործող՝ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի պատկանող դպրոցներուն հարցը, նշելով, որ «համաձայնեցանք այս հարցին այնպիսի լուծումը տալ, որ չվնասէ տարածաշրջանի աշակերտութեան»: