image

Պարազանի Անգարայի մէջ խօսած է շրջանին մէջ կատարուող «կարեւոր» փոփոխութեանց մասին

Պարազանի Անգարայի մէջ խօսած  է  շրջանին մէջ կատարուող «կարեւոր» փոփոխութեանց մասին

Իրաքեան  Քիւրտիստանի ղեկավար Մէսուտ Պարազանի Անգարայէն յայտարարած է, որ ներկայիս Թուրքիա  կատարած  իր այցելութիւնը կը միտի երկու կողմերուն միջեւ առկայ  «համակարգումը»  զօրացնելու: Քիւրտ  առաջնորդը, որ խօսած է    թրքական  պատկերասփիւռի կայանէ մը,   յայտնած է, որ կարեւոր փոփոխութիւններ կը կատարուին տարածաշրջանին մէջ, «հետեւաբար հարկաւոր է աւելցնել համագործակցութիւնը»:  Ան ըսած է, որ իրենց համար  հիմնական առաջնահերթութիւնը  «Իսլամական պետութեան»  դէմ անդուլպայքարն է:  Պարազանի յայտնած է, թէ  ինք թուրք պատասխանատուներուն  հետ քննարկած է     շրջանին  մէջ գործող՝ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի պատկանող դպրոցներուն հարցը, նշելով, որ «համաձայնեցանք այս հարցին այնպիսի լուծումը տալ, որ չվնասէ տարածաշրջանի աշակերտութեան»: