image

Պաղեստինցի մեծ քերթողին գործերը քաղաքական վէճի առանցք կը դառնան Իսրայէլի մէջ (Տեսանիւթ)

Պաղեստինցի մեծ  քերթողին գործերը քաղաքական վէճի առանցք կը դառնան Իսրայէլի մէջ (Տեսանիւթ)

Մահմուտ Տարուիշի  «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութիւնը հնչած է իսրայէլեան «Կալեթսահէլի» ձայնասփիւռէն, պատճառ   դառնալով քաղաքական թէժ քննարկումներու: «Ան վառելանիւթ է ահաբեկչական գործողութիւններու՝ Իսրայէլի դէմ»,-այսպէս բնութագրած է պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Տարուիշի բանաստեղծութիւնները եւ ձայնասփիւռի կայանի տնօրէնը  հրաւիրած է հարցաքննութեան: Մահմուտ Տարուիշ ինքն էր ըսողը՝ «Բռնատէրները կը վախնան  երգերէն, բռնատէրները կը վախնան յիշողութիւններէն», անոնք կ'ուզեն միայն մէկ եւ միակ իշխող պատմութիւն, որն է հրէական դասական պատմութիւնը, եւ անոր համար կը վախնան Մահմուտ Տարուիշէն  Իր հերթին նախարար Մերէ Ռեկեւ հանդէս եկած է մէկէ աւելի թուիթներով, ուր կայանը փակելու կոչեր ըրած է  եւ սկսած էր վերլուծել Տարուիշի բանաստեղծութիւնները, նկատել տալով որ «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութեան մէջ  հրէական պետութեան դէմ ընդդիմանալու եւ անոր կայացման դէմ պայքարելու  խօսքեր կան: Այս արշաւը դիմադրուեցաւ կուսակցական, քաղաքական եւ գրական բազմաթիւ կողմերէ, ան նաեւ օգտագործուեցաւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի կողմէ, Լիպըրմանի դէմ իր պայքարին  առընթեր: «Ինքնավստահ քաղաքական ղեկավարութիւն մը պէտք չէ մտահոգուի  այս  եղածով. լսեցինք ինչ պիտի ընեն Կալիթասահէլ կայանին,երբ ան վերջապէս սկսած է իրականութիւնը ըսել»: Հաղորդաշարի եւ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի ու անոր բանաստեղծութիւններու շուրջ քննարկումներու փոթորիկի սկիզբով, Իսրայէլի աջակողմեանները կ'օգտագործեն դրութիւնը եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Էլի Պըն Տիհամը պահանջած է նախարար Նաֆթալի Պինիթէն 48- ի պաղեստինցիներու դպրոցական ծրագրէն հանել բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի գործերը,  որոնք ծրագիր մտած էին երկար  վէճերէ ետք: