«Ադեկվատ» միաբանութեան ղեկավար եւ քաղաքական աքթիւիսթ Արթուր Դանիէլեան ձերբակալուած է։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Քննչական կոմիտէէն։
Տեղեկութիւնը իր դիմատետրեան էջին վրայ հաստատած է նաեւ փաստաբան Տիգրան Աթանէսեան։
Քննչական կոմիտէի հաղորդմամբ՝ Դանիէլեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով՝ «խուլիկանութիւն, որ կատարուած է տեղեկատուական կամ հաղորդակցական արհեստագիտութիւններ օգտագործելով»։
Փաստաբան Տիգրան Աթանէսեան գրած է, որ Դանիէլեանը ձերբակալուած է դատարան ներկայացուելու՝ կալանաւորման հարցը քննարկելու համար։ Ան նշած է, որ Դանիէլեանին կը մեղսագրուի միջին ծանրութեան արարք՝ նոյն յօդուածի հիման վրայ, մասնաւորաբար՝ ֆէյսպուքեան գրառման առնչութեամբ։
Աւելի վաղ Դանիելեան իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած էր, որ առաւօտեան կանչուած է Քննչական կոմիտէ, ուր իր դէմ գործ յարուցուած է եւ իրեն մեղադրանք պիտի առաջադրուի։ Ան միաժամանակ նշած էր, որ քննիչի մօտէն դուրս գալէ ետք ուղիղ եթերով պիտի մեկնաբանէ տեղի ունեցածը։
«Ինձ էսօր առաւօտեան կանչել են քննչական։ Գործ են յարուցել։ Մեղադրանք են առաջադրելու։ Չգիտեմ՝ ինչի մասին ա, էական էլ չի։ Եթէ քննիչի մօտից դուրս գամ, ուղիղ եթերով կը մեկնաբանեմ այս ամէնը։ Բայց կոմբինացիան իրականում շատ պրիմիտիւ է»,-գրած է ան: