Մահմուտ Տարուիշի «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութիւնը հնչած է իսրայէլեան «Կալեթսահէլի» ձայնասփիւռէն, պատճառ դառնալով քաղաքական թէժ քննարկումներու: «Ան վառելանիւթ է ահաբեկչական գործողութիւններու՝ Իսրայէլի դէմ»,-այսպէս բնութագրած է պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Տարուիշի բանաստեղծութիւնները եւ ձայնասփիւռի կայանի տնօրէնը հրաւիրած է հարցաքննութեան: Մահմուտ Տարուիշ ինքն էր ըսողը՝ «Բռնատէրները կը վախնան երգերէն, բռնատէրները կը վախնան յիշողութիւններէն», անոնք կ'ուզեն միայն մէկ եւ միակ իշխող պատմութիւն, որն է հրէական դասական պատմութիւնը, եւ անոր համար կը վախնան Մահմուտ Տարուիշէն Իր հերթին նախարար Մերէ Ռեկեւ հանդէս եկած է մէկէ աւելի թուիթներով, ուր կայանը փակելու կոչեր ըրած է եւ սկսած էր վերլուծել Տարուիշի բանաստեղծութիւնները, նկատել տալով որ «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութեան մէջ հրէական պետութեան դէմ ընդդիմանալու եւ անոր կայացման դէմ պայքարելու խօսքեր կան: Այս արշաւը դիմադրուեցաւ կուսակցական, քաղաքական եւ գրական բազմաթիւ կողմերէ, ան նաեւ օգտագործուեցաւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի կողմէ, Լիպըրմանի դէմ իր պայքարին առընթեր: «Ինքնավստահ քաղաքական ղեկավարութիւն մը պէտք չէ մտահոգուի այս եղածով. լսեցինք ինչ պիտի ընեն Կալիթասահէլ կայանին,երբ ան վերջապէս սկսած է իրականութիւնը ըսել»: Հաղորդաշարի եւ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի ու անոր բանաստեղծութիւններու շուրջ քննարկումներու փոթորիկի սկիզբով, Իսրայէլի աջակողմեանները կ'օգտագործեն դրութիւնը եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Էլի Պըն Տիհամը պահանջած է նախարար Նաֆթալի Պինիթէն 48- ի պաղեստինցիներու դպրոցական ծրագրէն հանել բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի գործերը, որոնք ծրագիր մտած էին երկար վէճերէ ետք: