Անցեալ ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար» խորագրով եղած համաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան այցելած Նատիա Մուրատ ՄԱԿ-ի «Բարի կամեցողութեան» դեսպան նշանակուած է: Մուրատ դեսպան նշանակուած է Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, ուր ՄԱԿ-ի առաջին քարտուղար Պան Քի Մուն յատուկ խօսք մը արտասանելով Մուրատի տուած «Բարի կամք»ի յատուկ մետալը: 23 -ամեայ Մուրատ անցեալ ուրբաթ օր եղած հանդիսութեան աւարտին խօսք մը արտասանելով ըսած է, թէ Իրաքի Եզիտի համայնքը ցեղասպանութեան ենթարկած Տահէշը նոյնպէս սպաննած է իր մայրն ու եղբայրը: Նշենք, որ Մուրատ ներկայիս կ'ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր կը գործէ է Եզիտի գաղթականներուն օգնութեան ձեռք երկարող գերմանական ոչ- կառավարական միութեան մը: