image

Նարեկ Բաբայեանը հրաժարական տուաւ

Նարեկ Բաբայեանը հրաժարական տուաւ

 

Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը, որ ԱԺ փոխխօսնակ Լենա Նազարեանի ամուսինն է, «Հրապարակ» թերթի տեղեկութիւններով՝ աշխատանքէն ազատման դիմում  գրած է, եւ կոմիտէէն ներս հաւաքած է վարչութեան պետերն ու հրաժեշտ տուած անոնց։ 

Աղբիւրի փոխանցմամբ, այս որոշման պատճառը տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ շատ լարուած յարաբերութիւններն են, մասնաւորապէս՝ Պապիկեանը Բաբայեանին արգիլած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան հետ ուղիղ շփումներ ունենալ, եւ Բաբայեանը այդ անելանելի իրավիճակին լուծումը տեսած է՝ դիմում գրելն ու հեռանալը։