image

Նախագահ Ռոհանիի Աւստրիա Այցը Ջնջուեցաւ

Նախագահ Ռոհանիի Աւստրիա Այցը Ջնջուեցաւ

Իրան- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Աւստրիոյ նախագահութեան յայտարարութեամբ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին «անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով» չեղեալ համարած է չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն դէպի Աւստրիա կատարելիք այցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Վիէննայի մէջ այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն,  Ռոհանիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան այցը  «յետաձգուած է իրանեան նախագահութեան կողմէ, անվտանգութեան նկատառումներով», առանց յստակացնելու վտանգի բնոյթը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ եթէ ​​այս այցը իրականանար, ան պիտի ըլլար Ռոհանիի երկրորդ այցը դէպի Եւրոպա՝ Իրանի վրայ բանեցուած տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումէն ետք, նկատի ունենալով, որ ան անցած յունուարին այցելած էր Հռոմ եւ Փարիզ:

«Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ Ռոհանիի այցը դէպի Վիէննա կ'ենթադրէր, որ ան հինգշաբթի օր հանդիպում ունենար իր աւստրիացի գործընկերոջ Հայնըզ Ֆիշըրի եւ վարչապետ Վերնըր Ֆայմընի հետ, որուն մեծ մասը պիտի յատկացներ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական փոխանակման ուղիներու  ուսումնասիրութեան: