Թրքական Haberler.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 4 զինուորականի եւ 1 հրատարակչութեան տնօրէնի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է: Որպէս Պոլսոյ եւ Տրապիզոն քաղաքներուն մէջ միաժամանակ իրականացուած գործողութիւններու արդիւնք, Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան խումբերը թրքական ժանդարմայի մէկ փոխգնդապետ, երկու ենթասպայ, մէկ սերժանտ եւ մէկ հրատարակչութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի շրջանակներուն մէջ կալանքի տակ առնուած են: Մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն: