Այս առաւօտ կանուխ սկիզբ առաւ իրաքեան Մուսուլ նահանգի Տահէշէն ազատագրելու ճակատամարտը: Այս մասին յայտնող աղբիւրներ հաւաստեցին, որ ամերիկեան կործանիչներ Տահէշի դիրքերու ուղղութեամբ «խելացի» հրթիռներ արձակելով ազդանշանը տուին այդ պատերազմին: Իր կարգին Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի, պետական հեռուստակայանէն խօսելով յայտարարեց, որ «եկած է Մուսուլի սիրելի նահանգը ահաբեկիչներէն ազատելու ժամը»: Իրաքցի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ Մուսուլը պիտի ազատագրուի` շնորհիւ իր զաւակներու ճիգերուն: Նշենք, որ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր եւս խօսեցաւ Մուսուլի մասին ըսելով, որ «այս ճակատամարտը պիտի ըլլայ կարեւոր եւ ճակատագրական»: Նշենք, որ Տահէշ Մուսուլը, իր տիրապետութեան տակ առած էր յունիս 2014-ին, եւ այն Սուրիոյ Ռաքքայէն ետք կը համարուի «Իսլամական պետութեան» կարեւորագոյն կեդրոնը: