image

Մոսկուայէն Գնուած Զէնքերու Առաջին Խմբաքանակը Հայաստան Կը Հասնի

Մոսկուայէն Գնուած Զէնքերու Առաջին Խմբաքանակը Հայաստան Կը Հասնի

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ վարկային համաձայնագրով սպառազինութեան ձեռքբերման պայմանաւորուածութեան համաձայն զինատեսակներու ցանկէն որոշ մասը արդէն ձեռքբերուած է, սակայն ոչ ամբողջական ցանկըԱյս մասին կը տեղեկացնէ Artsakhpress.am-ը, յայտնելով, որ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները կ'աշխատին սպառազինութեան միւս մասի մատակարարման հարցերը լուծելու համար:

Նաեւ կը նշուի, որ երէկ կառավարութեան որոշումով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարուած է Ռուսաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ՝ գնուող սպառազինութեան անուանացանկը յստակեցնել: