image

Իրանն առաջին անգամ ըլլալով նաւատորմ ուղարկած է Ատլանտեանի ջուրեր

Իրանն առաջին անգամ ըլլալով նաւատորմ ուղարկած է Ատլանտեանի ջուրեր

Իրանը առաջին անգամ Ատլանտեան ովկիանոս ուղարկած է Sahand ականակիրը եւ Makran նաւը։ «Մենք ներկայութիւնը միջազգային ջուրերուն մէջ կը դիտարկենք որպէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ռազմածովային Ուժերու անքակտելի իրաւունք, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ ճանապարհը»,- յայտարարած է դերծովակալ Խապիպոլա Սայիարին, կը տեղեկացնէ Mehr-ը։

«Ռազմածովային Ուժերու 77-րդ ռազմավարական ռազմածովային նաւատորմը՝ կազմուած ականակրէ եւ նաւէ, առաջին անգամ ուղարկուած է Ատլանտեան ովկիանոս, որպէսզի ցուցադրէ Իրանի հնարաւորութիւնները ծովուն մէջ»,- աւելցուցած է ան։

«Նաւատորմը Պենտեր Ապասէն դուրս եկած է 10 Մայիսին եւ երկար ճանապարհորդութենէ՝ երեսնօրեայ նաւարկութենէ ետք, անցնելով 6000 ծովային մղոն, այժմ կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ»,-ըսած է Սայիարին։ «Նաւատորմը կը շարունակէ իր ամենաերկար ռազմածովային առաքելութիւնը Հիւսիսային Ատլանտիայի մէջ»։