Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ վարկային համաձայնագրով սպառազինութեան ձեռքբերման պայմանաւորուածութեան համաձայն զինատեսակներու ցանկէն որոշ մասը արդէն ձեռքբերուած է, սակայն ոչ ամբողջական ցանկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Artsakhpress.am-ը, յայտնելով, որ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները կ'աշխատին սպառազինութեան միւս մասի մատակարարման հարցերը լուծելու համար:
Նաեւ կը նշուի, որ երէկ կառավարութեան որոշումով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարուած է Ռուսաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ՝ գնուող սպառազինութեան անուանացանկը յստակեցնել: