Միջազգային Դրամատունը ուղերձ մը հրապարակելով Լիբանանի պատկան մարմիններէն պահանջած է արագօրէն բարեփոխութիւններ եւ նոր կառավարութիւն կազմել, մտավախութիւն ունենալով, որ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի երկրի տնտեսական-ելեւմտական ոլորտը մեծ հարուածներ ստանալով կրնայ փլուզուիլ։
Միջազգային Դրամատունը, որ իր զեկոյցը հիմնած է «Մուտիզ» արժէդրոյթներու եւ ելեւմտական արժէչափերու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցին վրայ նաեւ յայտարարած է, որ բաւարար չէ, որ Պէյրութի մէջ ընթացք առած բողոքի ցոյցերը դադրին, այլ շատ կարեւոր ու անհրաժեշտ է հասնիլ քաղաքական լուծումներու, որոնց շնորհիւ ալ Լիբանանի հետ համագործակցող միջազգային գործընկերներ պիտի նկատեն ապահովութիւն ներշնչող գործընթացներ։
Նշենք, որ «Մուտիզ» կազմակերպութիւնը օրեր առաջ նոր զեկոյց մը հրապարակելով ժխտական տուեալներ հրապարակած են Լիբանանի ելեւմտական ոլորտին մասին։
Տնտեսական ծանր դրութեան մէջ գտնուող Լիբանանի արտաքին պարտքը կը հասնի 6.5 միլիառ ամն տոլարի, որուն 1.5 միլիառի վճարման ժամկէտը կը լրանայ առաջիկայ 28 նոյեմբերին։