Ռաքքա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին վրայ չորեքշաբթի օր եղած օդային յարձակման ընթացքին, առանց օդաչուի օդանաւ մը սպաննած է հոն գտնուող «Տահէշ»ի գլխաւոր առաջնորդներէն մէկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ-Աուսաթ» նշելով, որ Ապու Ալ-Հայժաա Ալ-Թունուսի կոչուող առաջնորդը սպաննուած էր Ուաշինկթընի հսկողութեամբ Միջազգային Դաշնութեան պատկանող օդանաւի կողմէ, որ հարուածած էր դէպի Հալէպ ուղղուող ռազմական ինքնաշարժի մը վրայ, որուն մէջ կը գտնուէր Ապու Ալ-Հայժաա: Աղբիւրի համաձայն, Ապու Ալ-Հայժաա Իրաքէն դէպի Հալէպ կ'ուղղուէր կազմակերպութեան ղեկավար Ապու Պաքըր Ալ-Պաղտատիի հրահանգով, Հիւսիսային Հալէպի արուարձանին մէջ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն դէմ պատերազմը ղեկավարելու նպատակով:
Նշենք, որ Մարտ ամսուն «Տահէշ»ի երկու այլ առաջնորդներ նոյնպէս սպաննուած էին դաշնութեան օդային յարձակումներու կողմէ, որոնցմէ մէկն էր Հաճի Իմամ, որ կը նկատուէր կազմակերպութեան երկրորդ գլխաւոր դէմքը, եւ Ումար Ալ-Շիշանին, «Տահէշ» ամենակարեւոր ռազմական ղեկավարներէն մէկը: