image

Միհրան Թովմասեան Երեւան Պիտի Գայ

Միհրան Թովմասեան  Երեւան  Պիտի Գայ

Հայաստան- Պոլսահայ  տաղանդաւոր պարադրող  եւ դերասան Միհրան Թովմասեան  Երեւան պիտի ժամանէ:  «Արեւելք»   այս մասին իմացաւ    Պոլիս գտնուող արուեստագէտէն:   Թովմասեան   «Արեւելք»ին յայտնեց, որ  յառաջիկայ 16 եւ 17  Հոկտեմբերին  Երեւանի «Սօս Սարգսեանի անուան թատրոն»ին մէջ պիտի ներկայացնէ իր  համահեղինակած   «ՏՈՀՄԱԾԱՌ»    պարային  բեմադրութիւնը:Նշենք, որ «ՏՈՀՄԱԾԱՌ» ը  քառալեզու (հայերեն, անգլերեն, թրքերեն, գերմաներեն) ներկայացումը Ֆրայբուրգի թատրոնի և «Չըպլաք Այաքլար»  պարախումբի համատեղ նախագիծ է։ Թովմասեան առաջին անգամը  չէ, որ հիւրախաղով Երեւան կը հասնի եւ անոր   հիմնադրած «Չըպլաք Այաքլար»   («Բոպիկ Ոտքեր»)  խումբը տարբեր առիթներով  ելոյթներ ունեցած է  Երեւանի  մէջ:    Հայրենի  հասարակութիւնը յատկապէս տպաւորուած է Թովմասեանի  Հրանդ Տինքի յիշատակին  ներկայացուած   բեմադրութեամբ: Տակաւին կ'անդրադառնանք: